Jump to content

Կարապետ Տէր Մկրտչեան

Կարապետ Տէր Մկրտչեան
Ծնած է 29 Մարտ 1866(1866-03-29)[1]
Ծննդավայր Թաւրիզ, Իրան
Ցղնա, Նախիջևանի գավառ, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 2 Դեկտեմբեր 1915(1915-12-02)[1] (49 տարեկանին) կամ 19 Նոյեմբեր 1915(1915-11-19) (49 տարեկանին)
Մահուան վայր Թաւրիզ, Իրան
Պաքու, Ռուսական Կայսրութիւն
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
Ուսումնավայր Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան
Մասնագիտութիւն քահանայ, պատմաբան, բանասէր, աստուածաբան
Վարած պաշտօններ եպիսկոպոս[2]

Կարապետ Տէր Մկրտչեան (29 Մարտ 1866(1866-03-29)[1], Թաւրիզ, Իրան
Ցղնա, Նախիջևանի գավառ, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն - 2 Դեկտեմբեր 1915(1915-12-02)[1] կամ 19 Նոյեմբեր 1915(1915-11-19), Թաւրիզ, Իրան
Պաքու, Ռուսական Կայսրութիւն), Աստուածաբան, պատմաբան, բանասէր, փիլիսոփայ եւ եկեղեցական գործիչ։

Կեանք եւ գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Նախիջեւանի Ցղնայ գիւղին մէջ[3]: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի ծխական վարժարանէն ներս եւ ապա ընդունուած՝ Զաքաթալայի գաւառական դպրոցը:

Կարապետ իր մօրեղբօր՝ Յովհան Աւագ Վարդապետի միջնորդութեամբ 1880 թուականին ընդունուած է Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1888 թուականին:

Ուսումը աւարտելէ ետք ուսուցչութեան պաշտօն վարած է Գէորգեան ճեմարանէն ներս, միաժամանակ վարելով մատենադարանապետի պաշտօնը:

Կարապետ Տէր Մկրտչեան 1889 թուականին Գէորգ Զ. Չորեքճեանի եւ Գարեգին Ա. Յովսէփեանի հետ օծուած է կուսակրօն. այնուհետեւ իր ուսումը շարունակած է Լայփցիկի եւ Պերլինի բարձրագոյն ուսումնարաններուն մէջ, հետեւած է Փարիզի Սորպոնի համալսարանի եւ Մարպուրկի բողոքական աստուածաբանական հիմնարկի ուսուցումներուն: Նոյն տարիներուն գիտական յօդուածներով աշխատակցած է գերմանական յայտնի կրօնական հանդէսներուն:

Ուսումէն ետք վերադարձած է Սուրբ Էջմիածին եւ նշանակուած՝ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչի օգնական եւ կրօնական առարկաներու ուսուցիչ, իսկ 1899-ին նշանակուած է Գէորգեան ճեմարանի տեսուչ:

Բանասէրը 1902-1906 թուականներուն եղած է «Արարատ» հանդէսի կրօնական բաժնի պատասխանատու եւ ապա հանդէսի ընդհանուր խմբագիր[4]:

Տէր Մկրտչեան 1907 թուականին ընտրուած է Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ եւ այդտեղ հրատարակած է «Առաւօտ» շաբաթաթերթը, իսկ 1910-1912 թուականներուն խմբագրած է «Թաւրիզի Յայտարարութիւններ» թերթը:

Հեղինակ է բազմաթիւ գիտական, Աստուածաբանական եւ փիլիսոփայական ուսումնասիրութիւններու եւ յօդուածներու։ 1902-1903 թուականներուն Կաթողիկոսի հրամանով ձեռնարկած է Աստուածաշունչի հրատարակման՝ աշխատանքներ համեմատելով եօթ տարբեր ձեռագրերու, սակայն ներքին անհամաձայնութիւններու պատճառով չէ հասած իր աւարտին:

Ուսումնասիրած է բազմաթիւ ձեռագրեր եւ հրատարակած է զանոնք «Արարատ» հանդէսի մէջ, ինչպէս «Գիրք Թղթոց»ը եւ այլն[5]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  2. Գերմանիայի ազգային գրադարանի կատալոգ
  3. «Կարապետ Տէր Մկրտչեան» 
  4. «Արարատ, Համար Ա․ (1913)»։ www.flib.sci.am։ արտագրուած է՝ 2019-03-17 
  5. «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-03-08