Կարէն Սիմոնեան
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Կարէն Սիմոնեան (17 Մարտ 1936 - 9 Յուլիս 2018), հայ խորհրդային գրող, բանաստեղծ։
Ծնած է Երեւան։ Ուսում ստացած է Երեւանի «Բազմարուեստային» վարժարանէն ներս ու աւարտած 1958-ին։ Անցած՝ լրագրական ասպարէզ (միանգամայն՝ գրական փորձեր)։
Ստանձնած է պատասխանատու պաշտօններ («Պիոներ», «Լիտերատուրնաիա Արմենիա» թերթեր, վարչահրատարակչական, ռատիօ հեռատեսիլ, եւ այլն)։
Լոյս ընծայած է գիտա-երեւակայական յաջորդական երկեր-պատմուածքներ, ապա վէպեր. «Կապարէ Մարդկանց Գաղտնիքը», «Թափառող Մոլորակը», «Կանչող, Կանչող Մի Աշխարհ»։
Մարդկային-ընկերային նիւթով, իրական կեանքէ՝ «Սիցիլիական Պաշտպանութիւն»։ Ունի թարգմանական գործեր։ Սիմոնեանի ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են ռուսերէնի եւ այլ լեզուներովւ։
1990-ականներուն Հայաստանէն մեկնած՝ ի վերջոյ հաստատուած է Ֆրանսա։