Ճատրակ
![](http://chped.net/https/upload.wikimedia.org/wikipedia/commons/thumb/6/6f/ChessSet.jpg/220px-ChessSet.jpg)
Ճատրակ, երկու խաղացողի համար նախատեսուած սեղանի խաղ, զոր կը խաղան յաջորդաբար բաց եւ մութ գոյնի 64 դաշտ ունեցող (8 x 8 վանդակ) քառակուսի խաղատախտակի մը վրայ։
Աշխարհի ամէնէն տարածուած խաղերէն մէկն է․ միլիոնաւոր մարդիկ ճատրակ կը խաղան տան մէջ, հանրային վայրերու եւ ակումբներու մէջ, համակարգիչներով եւ առցանց։
![](http://chped.net/https/upload.wikimedia.org/wikipedia/commons/thumb/3/30/ChessStartingPosition.jpg/220px-ChessStartingPosition.jpg)
Ճատրակի խաղին սկիզբը խաղացողներէն իւրաքանչիւրը կ'ունենայ 16 խաղաքար՝ մէկ արքայ, մէկ թագուհի, երկու նաւակ, երկու ձի, երկու փիղ եւ ութ զինուոր[1]։
Աւանդութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Սիսա անունով պրահման մը ճատրակի խաղը հնարած է Հնդկաստանի մէջ, Զ. դարուն եւ զայն նուիրած է նոր թագադրուած երիտասարդ թագաւորին: Խաղին ամէնէն կարեւոր կտորը թագաւորն էր. սակայն այս վերջինը ոչինչ կրնար ընել` առանց միւս կտորներու օգնութեան: Ճատրակի խաղին միջոցով երիտասարդ թագաւորը կը հասկնայ, որ ինք ոչինչ էր` առանց իր ժողովուրդին եւ ամէն ինչ կ'ընէ, որպէսզի իր հետեւորդներուն կեանքը բարելաւուի:
![](http://chped.net/https/upload.wikimedia.org/wikipedia/commons/thumb/2/26/Harvard_Theatre_Collection_-_Ajeeb_the_Wonderful_TCS_1.183_-_cropped.jpg/220px-Harvard_Theatre_Collection_-_Ajeeb_the_Wonderful_TCS_1.183_-_cropped.jpg)
Ապա ան կը կանչէ Պրահմանը եւ հարց կու տայ անոր, թէ ինչպէ՛ս կրնար զայն վարձատրել: «Ոչինչ»ով կը պատասխանէ Սիսա: Թագաւորը կը պնդէ եւ Սիսա վերջապէս կ'ըսէ. «Այս պարագային, խաղին առաջին քառակուսիին մէջ կը դնես ցորենի հատիկ մը, ապա երկու` երկրորդին մէջ, չորս` երրորդին մէջ եւ այս ձեւով կը շարունակես իւրաքանչիւր քառակուսիի մէջ` կրկնապատկելով հատիկներու թիւը»:
Թագաւորը կը խռովի այս պատասխանը լսելով` ենթադրելով, որ իմաստունը կը մերժէր իր վարձատրութիւնը. ան իր գանձապահին կը հրամայէ որ յաջորդ օրը ցորենի տոպրակը տայ պրահմանին: Սակայն իրիկունը շփոթած գանձապահը կը վերադառնայ թագաւորին մօտ` ըսելով, որ անկարելի էր այդ քանակով ցորեն գտնել, որովհետեւ իրենք պէտք պիտի ունենային 18 միլիառ հատիկի: Աշխարհի ամբողջ ցորենէն աւելի[2]:
Երիտասարդ թագաւորը խոնարհութեան երկրորդ դաս մը կը ստանայ իմաստունէն:
Ճատրակ խաղալու դրական ազդեցութիւնները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
![](http://chped.net/https/upload.wikimedia.org/wikipedia/commons/thumb/d/d5/Scholars_mate_animation.gif/220px-Scholars_mate_animation.gif)
Ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, թէ այն ուսանողները, որոնք ճատրակ կը խաղան, աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք կը բերեն գիտութեան եւ ուսողութեան մէջ, նաեւ կ'ըլլան աւելի վերլուծող, կարգապահ եւ համբերատար:[3]
Ճատրակը.
- կ'օգնէ խնդիրներ լուծելու:
- կը սորվեցնէ կեդրոնացում եւ համբերութիւն:
- կը զարգացնէ երեխային ինքնավստահութիւնը:
- կ'օգնէ երեխային ուղեղի աճին եւ զարգացման:
- կը բարձրացնէ երեխային ստեղծագործական ունակութիւնները:
- կը սորվեցնէ ծրագրաւորում եւ հեռատեսութիւն:
- կը բարելաւէ երեխային յիշողութիւնը:
- կը հաւասարակշռէ երեխային յուզական աշխարհը: