Jump to content

Մանտարին (պտուղ)

Մանտարին

Մանտարին (King Orange), հիանալի տիեթիկ պտուղ է, զարմանահրաշ համով: Շատ օգտակար է հիւանդ եւ թոյլ օրկանիզմին համար, քանի որ կը պարունակէ կենսաբանօրէն գործօն նիւթեր: Մանտարինի պարունակած հանքային նիւթերուն մէջ կը գերակշռէ բոթասիումը: 100 կրամ մանտարինին մէջ անոր քանակը կրնայ հասնիլ մինչեւ 150մլկ.ի, որ կը համարուի կարեւոր սնունդ սրտանօթային հիւանդութիւններու ժամանակ: Մանտարինի կեղեւի բաղադրամասերը կ'ընկճեն սթաֆիլաքոք մանրէներու աճը: Մանտարինի ամէնօրեայ պարբերական օգտագործումը կը բարձրացնէ օրկանիզմի դիմադրողականութիւնը, յատկապէս մրսածութիւնէ յառաջացած հիւանդութիւններու պարագային: Կեղեւի պարունակած եթերային իւղերը ունին լարուածութիւնը չէզոքացնող, ջղային համակարգը հանգստացնող յատկութիւն: Դիւրին իւրացուող օրկանական երկաթի շնորհիւ օգտակար է տարաբնոյթ սակաւարիւնութիւններու ժամանակ: Ան անհրաժեշտ է քրոնիկ փորկապութեամբ տառապողներուն:

Մանտարինի հոտէն կը խուսաբին մժեղները: Անոր կեղեւներով պատրաստուած թէյը լաւ միջոց է փորհարութենէ տառապողներու համար: Սնկային հիւանդութիւններու ժամանակ պտղահիւթով շփել մորթի ախտահարուած մասերը: Վահանաձեւ գեղձի, քլիմաքսի (menopause), նորագոյացութիւններու եւ ծանր հիւանդութիւններու ժամանակ, մանտարինի կեղեւը խիւսի վերածել, խառնել մեղրի հետ՝ 2:1 յարաբերականութեամբ, փակ ամանի մէջ պահել սառնարանը: Ուտել մէկական ճաշի դգալ ճաշէն առաջ: Մանտարինի չորցուած կեղեւներու եփուկը խմել որպէս խորխաբեր, հազը հանգստացնող, սրտխառնուքը մեղմացնող եւ մարսողութիւնը լաւացնող միջոց:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Առողջութիւնն Ու Սնունդը, Գոհար Վարդանեան Քէշիշեան, Պէյրութ, 2007։