Jump to content

Սամիրա Թաուֆիք

Սամիրա Թաուֆիք
արաբերէն՝ سميرة توفيق
Ծնած է 25 Դեկտեմբեր 1935(1935-12-25) (88 տարեկան)
Ծննդավայր Umm Haratayn, al-Suwayda, Ալ-Սուրա ալ-Սաղիրայի շրջան, Շահբայի գավառ, Ալ-Սուեյդայի մարզ, Սուրիա
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան
Մասնագիտութիւն երգչուհի, դերասանուհի, երգահան

Սամիրա Ղասդին Քարամոնա , աւելի շատ յայտնի է իր բեմական անունով՝ Սամիրա Թաուֆիք (Արաբերէն՝ سميرة توفيق, 25 Դեկտեմբեր 1935(1935-12-25), Umm Haratayn, al-Suwayda, Ալ-Սուրա ալ-Սաղիրայի շրջան, Շահբայի գավառ, Ալ-Սուեյդայի մարզ, Սուրիա): Լիբանանցի երգչուհի, որ հռչակացաւ Արաբական աշխարհին մէջ մանաւանդ իր Պետեուինի գաւառաբարբառ Յորդանանեան ձեւով: Թաուֆիք նաեւ արաբական ֆիլմեր խաղցած է[1]:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սամիրա ծնած է Ում Հարադայն գիւղի մէջ, Սուէյտայի շրջան Սուրիա[2]: Ան ապրեցաւ Ռմէյլի մէջ Պէյրութ[3], Լիբանան, ուր իր հայրը՝ Ղասթին[2], որ հայ էր ծագումով[4], աշխատեցաւ նաւահանգիստի բանուոր[2]: Երբ պզտիկ էր ան, կը սիրէր արաբական դասական երգեր մտիկ ընել եւ կը սիրէր Ֆարիտ Ալ-Աթրաշ երգիչը: Ան կը մագլցէր ծառի վրայ եւ բարձր ձայնով կ'երգէր: Ան լսուեցաւ երաժիշտ Ալպերդ Ղաուիէն, որ սիրեց իր ձայնը: Ղաուի ծանօթացուց Սամիրան եգիպտացի երաժիշտի Թաուֆիք Պայումի հետ, որ սորվեցուց իրեն մաուաշիհ երգի ձեւը: Պայումի նաեւ իրեն բեմի անուն տուաւ՝ Թաուֆիք, որ կը նշանակէ արաբերէնով յաջողութիւն, երբ ըսաւ իրեն Ալ Թաուֆիք Մին Ալլահ, որ կը նշանակէ յաջողութիւնը Աստուծմէ կու գայ: Իր առաջին երգը, որ Պէյրութի ձայնասփիւռէն սփռուեցաւ, երգուած էր Պայումիի կողմէ, որ կը կոչուէր Maskin Ya Qalbi Yama Tlaawat , որ կը նշանակէ Ոհ իմ Սիրտը, որչափ Ցաւցուցած ես[5]:

Ան պայքարեցաւ յաջողութեան համար Լիբանանի մէջ[2][6], ան կը մրցակցէր Ֆէյրուզի, Սապահի եւ Ուատիհ Էլ Սաֆիի հետ, բայց ան յաջողեցաւ, երբ Յորդանանի մէջ զօրացուց ինզինքը 1960ականներուն եւ 1970ականներուն[2][6]: Այնտեղ յորդանանեան ռատիոհաղորդումի հեղինականութիւնը աշխատցուցին զինք, բայց ան միայն պիտի երգէր Պետէուի գաւառաբարբառով: Իր Maskin Ya Qalbi Yama Tlaawat երգը նուագուած յորդանանեան ձայնասփիւռէն իր առաջինն էր: Սամիրա կատարեց իր առաջին ելոյթը յորդանանեան Այնաթա գիւղին մէջ:

Սամիրա կը կատարէր ընդհանրապէս հրափայլ, Պետէուի ձեւի հագուստը, որ զինք պետէուիական երգչուհի դարձուց: Այսպէս ըսաւ Ժօզէֆ Մասաատ, բայց իր հագուստի տեսակը, որ հագուեցաւ, շատ չէր նմաներ իրական Պետէուիական հագուստի: Ան Յորդանանի մէջ հռչակուեցաւ ազգայնական-ներշնչեալ երգերու մեկնաբան: Իր ամէնէն սիրուած սիրոյ երգը եղաւ Al Eyn Mulayitain, որ կը նշանակէ Երկու Պտոյտ Դէպի Ջուր Գարուն, որ կը խօսէր գիւղաբնակ աղջկան մը մասին, որ կամուրջ կ'անցնէր օրուան մէջ քանի մը անգամ եւ ջուր կը հաւաքէր իր ընտանիքին, բայց ան իրականութեան մէջ ան տղու մը սիրահարուած էր[7]:

Սամիրա կը համարուի առաջին կարեւոր արուեստագիտուհին, որ կը ներկայացնէ յորդանանեան երգը եւ զինք նշանաւոր դարձուց արաբական աշխարհին մէջ եւ իր Պետէուիական ձեւը ներշնչեց ուրիշ արուեստագէտներ, որ իրեն հետեւին Յորդանանի մէջ[4] Nonetheless, Samira's popularity was not matched by other Jordanian singers until the early 1990s with the singer Umar al-Abdallat.[8]:

Սամիրա վերջերս կ'ապրի Հազմիէհ, Լիբանանի մէջ։ Հազմիէհի թաղապետութիւնը իրեն ի պատիւ խնճոյք կազմակերպեց 20 Յուլիս 2015-ին[9]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]