Սամուէլ Գասպարով, ծնած է 1938 թուականին Թիֆլիսի հայ ընտանիքի մը մէջ։ Մինչ կինոկարիերան աշխատած է որպէս բեռնատարի վարորդ։[2]։
1970 թուականին աւարտած է ՎԳԻԿ-ի բեմադրիչի բաժինը (Միքայէլ Ռոմի արուեստանոցը)։ Առաջին բեմադրիչի աշխատանքը եղած է 1977 թուականին։ Հիմնականին կը նկարահանէր քաղաքացիական պատերազմի մասին արկածային ֆիլմեր, դետեկտիւներ եւ մարտաֆիլմեր[3], որոնք կը քննադատուէին հոգեբանութեան բացակայութեան եւ արիւնոտ տեսարաններու առկայութեան պատճառով։
1990 թուականէն ետք Գասպարովը հեռացաւ կինոյէն եւ սկսաւ զբաղվիլ այլ գործունէութեամբ, որոնցմէ՝ 1993 թուականին կազմակերպուեցաւ Մայքլ Ջէքսնի հիւրախաղերը Մոսկուայի մէժ՝ Լուժնիկի մարզադաշտին վրայ։