Jump to content

Սանսկրիտ

Սանսկրիտ, Հնդկաստանի հին գրական լեզուն՝ իր բարդ քերականութեամբ։

Սանսկրիտ բառը կը նշանակէ «մշակուած, կատարեալ»։ Սանսկրիտով գրուած ամէնէն վաղ գրական յուշարձաններու տարիքը կը հասնի մինչեւ 3,500 տարեկանի (Ք.Ա. 2-րդ հազարամեակ)։

Սանսկրիտը հնագոյն հնդեւրոպական լեզու է, բազմաթիւ ժամանակակից հնդկական լեզուներու արմատը եւ այսօրուան դրութեամբ կը մնայ Հնդկաստանի 22 պաշտօնական լեզուներէն մէկը[1]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]