Jump to content

Վատիկան

Վատիկան
Վատիկանի դրոշ? Զինանշանը


Պետական լեզու Իտալերէն[1], Ֆրանսերէն եւ Լատիներէն
Մայրաքաղաք Վատիկան քաղաք
Օրէնսդիր մարմին Pontifical Commission for the Vatican City State?
Երկրի ղեկավար Ֆրանցիսկոս?
Կառավարութեան ղեկավար Fernando Vérgez Alzaga?
Ազգաբնակչութիւն 764 մարդ (26 Յունիս 2023)[2]
Օրհներգ Իննո է Մարսիա Պոնտիֆիկալե?
Հիմնադրուած է 11 Փետրուար 1929 թ.
Արժոյթ Եւրօ
Ազգային տօն 13 Մարտ
Ժամային համակարգ ԿԵԺ, UTC+1 եւ Europe/Vatican?[3]
Հեռաձայնային համակարգ +39 եւ +379[4]
Համացանցի յղում .va?
vaticanstate.va(իտալ.)

Վատիկան, պաշտօնապէս՝ Վատիկան քաղաք-պետութիւն (իտալ.՝ Stato della Città del Vaticano), պապական քաղաք-պետութիւն Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի արեւմտեան մասին մէջ՝ Մոնթէ Վատիկանօ բլուրին վրայ։ Տարածքով ամէնափոքր պետութիւնն է (44 հա)։ Մշտական բնակչութիւնը կը կազմէ շուրջ 800 մարդ, ներառեալ վատիկանական հպատակութեան 400 անդամները։

Վատիկանը կը հանդիսանայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ գլուխ կանգնած Հռոմի պապի նստավայրը, ինչպէս նաեւ կաթողիկէ միջազգային կեդրոնը։ Պետութեան կարգավիճակը վերջնականօրէն հաստատուած է 1929 թուականին, յատուկ հրովարտակով։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անուանումը (իտալերէն՝ Vaticano) յառաջացած է Տիպեր գետի ափին գտնուող համանուն բլուրէն (լատիներէն՝ Mons Vaticanus, իտալերէն՝ Monte Vaticano)։ Այդ բլուրին վրայ վաղ միջնադարուն կառուցուած է պալատ մը, որ 14-րդ դարու վերջէն դարձած է կաթողիկէ եկեղեցւոյ գլուխ կանգնած Հռոմի պապի մշտական նստավայրը։ Իտալիոյ վերամիաւորումէն եւ Հռոմը իրեն միանալէ (1870) ետք վերջ դրուեցաւ Հռոմի պապի աշխարհիկ իշխանութեան։ Պապը չճանչցաւ միաւորուած իտալական պետութիւնը, որուն հետեւանքով «Սուրբ աթոռի» եւ Իտալիոյ կառավարութեան միջեւ վիճաբանութիւններ ծագեցան։ Ծագած տարաձայնութիւնները վերացուեցան 1929 թուականին՝ Լաթերանեան պայմանագրերով, որուն համաձայն կազմուեցաւ Վատիկան պետութիւնը, իր այժմեան սահմաններով։

Վատիկանը իտալերէն պաշտօնապէս կը կոչուի Stato della Città del Vaticano, որ բառացի կը նշանակէ «Վատիկան քաղաքի պետութիւն»։

Պետական Կարգ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ներկայիս Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսը

Պապին ցմահ կ'ընտրէ կոնկլաւը (քարտինալներու հաւաքը)՝ փակ քուէարկութեամբ։ Պապին կ'ենթարկուին Վատիկանի բոլոր հաստատութիւնները, որոնց ղեկավարները անոր կողմէ նշանակուած քարտինալներ են։ Պետութեան ղեկավարը կը հրապարակէ օրէնքներ, նաեւ բարձրագոյն դատաւորն է։

Վատիկանի կառավարութիւնը կը գլխաւորէ Պապի նշանակած պետական քարտուղարը։ Վատիկանը ունի իր «զինուած ուժերը»՝ զուիցերիացիներու (110 հոգի) պահակախումբ (կազմաւորուած է 1527 թուականին), որուն զինուորները եւ սպաները կո ծառայեն 2–20 տարի։

Դարերու ընթացքին անոնց համազգեստը փոփոխություն չէ կրած, եւ այդ է պատճառը, որ միջնադարեան համազգեստներով պապական զինուորները մշտապէս կը գրաւեն Վատիկան այցելող հիւրերու եւ զբօսաշրջիկներու ուշադրութիւնը։

Տնտեսութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պետութեան տնտեսական հիմքը կը հանդիսանան կապիտալ ներդրումներէն ստացուող եկամուտներն ու հաւատացեալներու նուիրատուութիւնները։ Վատիկանը աշխարհի մեծագոյն բաժնետէրերէն է եւ խոշոր կապիտալ ունի ներդրած շատ երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ Իտալիոյ, Զուիցերիոյ, ԱՄՆու մէջ։ Չափազանց եկամտաբեր է նաեւ միջազգային զբօսաշրջութիւնը, որուն զարգացումը մշտապէս կը գտնուի պետութեան ուշադրութեան կեդրոնը։

Մշակոյթ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հռոմի Սուրբ Պետրոս տաճարը

Այստեղ կը գտնուի աշխարհի ամէնամեծ կաթողիկէ եկեղեցին՝ Սուրբ Պետրոսի տաճարը։ Սուրբ Պետրոս տաճարի հիւսիսային պատի խորշին մէջ տեղադրուած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի արձանը, իսկ մերձակայ հրապարակներէն մէկը 2008 թուականին կոչուած է իր անունով։ Վատիկանի երկրորդ մեծ տաճարը Սիքստինեան մատուռն է։ Վատիկանը ունի Եւրոպայի ամէնահզօր ռատիօկայաններէն մէկը, որ հաղորդումներ կը սփռէ բազմաթիւ լեզուներով, ինչպէս նաեւ հայերէն։ Այդ պետութիւնը աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ աւելի քան 50 լեզուով կը հրատարակէ 1600 թերթ ու ամսագիր։

Ճարտարապետութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հարուստ է ճարտարապետական յուշարձաններով՝ կերտուած Վերածնունդի մեծագոյն վարպետներու մտայղացմամբ՝ Ռաֆայէլ Սանթի, Միքէլանճելօ, Պեռնինի։ Կեդրոնը պապական պալատն է եւ Հռոմի Սուրբ Պետրոս տաճարը՝ կառուցուած Սուրբ Պետրոս առաքեալի դամբարանին վրայ։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին Յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]