Jump to content

Քունի Շնչադադար

Քունի շնչադադարը կը պատահի առանց սեռի խտրութեան եւ ընդհանրապէս տարեցներու եւ երիտասարդներու մօտ, սակայն երբեմն կը տեսնենք նաեւ երեխաներու մօտ:

Ախտապատճառներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ուղեղային Կեդրոնական Պատճառներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ուղեղային որոշ հիւանդութիւններ կրնան խանգարել ուղեղի շնչառական համակարգի գործունէութիւնը եւ ժամանակաւոր շնչադադար կը յառաջացնեն:

Շնչառական Համակարգի Որոշ Բաժիններու Մասնակի Խցում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տարբեր ձեւեր կան, օրինակ, երբ անձը քիթի խցում կ'ունենայ, խոշոր գեղձուռոյցներ եւ նշագեղձեր, կոկորդի զանազան տեսակի ուռեր, թոյլ մկանային քիմք, մեղցած լեզուակ, լեզուի յետսամասի ուռեր, ետեւ քաշուած ծնօտ, խոշոր լեզու, գիրութիւն եւ մեծցած վահանգեղձ. այս բոլորը պատճառ կը դառնան շնչարգելութեան:

Քունի շնչադադարութիւն կը կատարուի երբ ուղեղը իր պէտք ունեցած թթուածինը չ'ստանար: Այս պարագային հիւանդը խոր քունէն կ'անցնի թեթեւ քունի, ուղեղի շնչառական կեդրոնը կը գրգռուի եւ շնչառութիւնը կը վերսկսի խռկալով:

Աղբիւր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]