Jump to content

Coco (ֆիլմ)

Coco
Բեմադրիչ Լի Անքրիչ
Արտադրիչ Տարլա Ք. Էնտըրսըն
Գրագէտ Ատրիան Մոլինա
Արտադրող
ընկերութիւններ
Թողարկման
թուական
22 Նոյեմբեր, 2017
Երկիր Ամերիկայի Միացյալ Նահանգներ ԱՄՆ
Լեզու անգլերէն
Պիւտճէ $175–200 միլիոն
Շահոյթ $155.2

Քոքո (անգլ.՝ Coco) գծաշարժական Ամերիկեան արկածախնդրական ֆիլմ մըն է, պատրաստուած Pixar Animation Studios ընկերութեան կողմէ եւ հրապարակուած Walt Disney Pictures ընկերութեան կողմէ: Coco ֆիլմին Բեմադրիչն է Լի Անքրիչ, իսկ թատերագիրը՝ Ատրիան Մոլինա: Նիւթը՝ Մեքսիքացի 12 տարեկան Միկէլը կը բանայ գաղտնի դուռ մը, որ զինք կը տանի ուրիշ աշխարհ մը, ուր ոչ մէկ անձ կը մահանայ: Հոն առիթը կ’ունենայ ծանօթանալու իր հին ընտանիքի անդամներուն եւ նախահայրերուն։ Ֆիլմը ներշնչուած է Մեքսիքական Ազգային Մեռեալներու Օրուան առասպելներէն եւ ընդհանրապէս՝ Մեքսիքական մշակոյթէն: Ֆիլմը անգլերէնով է եւ կ'երկարի շուրջ երկու ժամ:[աղբիւրի կարիք ունի]